2013-12-15 13:07:04

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը` ''''Սիրելի մանուկներ ձեր մսուրներուն առջեւ աղօթցէք ինծի համար, ես ալ ձեզի համար կ՛աղօթեմ։


''Եկեղեցին որպէս Մայր մեզ կը հրաւիրէ վստահութեամբ շարունակելու հոգեւոր ուղեւորութիւնը որպէսզի նորոգուած ուրախութեամբ տօնախմբենք Սուրբ Ծննդեան տօնը''։

Կիրակի, 15 դեկտեմբեր, կէսօրին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն մէջ հաստատեց թէ ''Եկեղեցին որպէս Մայր մեզ կը հրաւիրէ վստահութեամբ շարունակելու հոգեւոր ուղեւորութիւնը որպէսզի նորոգուած ուրախութեամբ տօնախմբենք Սուրբ Ծննդեան տօնը։ Քրիստոնէական պատգամը - աւելցուց Քահանայապետը - ''Էվանկէլօ'' կը նշանակէ ''Բարի Լուր'', համայն Եկեղեցւոյ համար ուրախութեան Աւետիս։ Եկեղեցին ուրախութեան օճախն է - յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ Քրիստոնէական ուրախութիւնը իր արմատը կը գտնէ Աստուծոյ հաւատարմութեան մէջ որ կը յարգէ միշտ իր խոստումները ։
Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի ''մեզ օգնէ ընթանալու արագ դէպի Մանուկին հետ հանդիպում` որ ծնաւ մեզի եւ բոլոր մարդոց փրկութեան եւ ուրախութեան համար։
Արտասանելթ ետք Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սրբազան Հայրը արտասանեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ուղղեց ողջոյնի խօսք մը յատուկէն ողջունելով բոլոր մանուկները որոնք Սուրբ Պետրոս ժամանած են ''Յիսուս Մանուկի'' արձանիկներուն աւանդական օրհնութեան առթիւ։ ''Սիրելի մանուկներ - ըսաւ Քահանայապետը - երբ աղօթէք ձեր մսուրներուն առջեւ զիս ալ յիշեցէք ձեր աղօթքներուն մէջ այնպէս ինչպէս ես ալ ձեզ կը յիշեմ իմ աղօթքներուս մէջ։ Բարի Սուրբ Ծնունդ։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.